2017-09-01 08:15:00

Քոլոմպիայի մէջ խաղաղութեան շաբաթը` 3 – 10 սեպտեմբեր 2017-ին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քոլոմպիայի ''Խաղաղութեան Շաբաթ'' ծրագրի 30-րդ փուլը այս տարի կը զուգադիպի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին` Խաղաղութեան բարեկամին, Քոլոմպիա տուած այցելութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան կառուցման գործընթացին որ սկիզբ առած էր անցեալ  24 նոյեմբեր 2016-ին, համաձայնութեան մը ստորագրութեամբ։ Նորին Սրբութեան այցը հաշտութիւն եւ խանդավառութիւն պիտի յարուցէ Քոլոմպիացիներու սրտերուն մէջ''։ Այս խօսքերով հանդէս եկաւ Քոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ եւ ՎիլլավինչենցոյիԱրքեպիսկոպոս` գերապայծառ Օսքար Ուրպինա Օրթեկան, ներկայացնելով 1987-ին ծնունդ առած եւ այս տարի իր 30-րդ փուլին հասած ազգային ''Խաղաղութեան Շաբաթը'', որուն նպատակը միշտ եղած է երկրին մէջ վերանորոգել խաղաղութեան եւ հաշտութեան յանձնառումը։

Գերապայծառ Օսքար Ուրպինա Օրթեկան նշեց թէ ''Խաղաղութիւնը Աստուծմէ պարգեւ մըն է ու պարտականութիւն մըն է որ յանձնուած մարդոց պատասխանատուութեան'', Ան ապա աւելցուց. ''Քահանայապետը պիտի դպչի բոլոր Քոլոմպիացիներու սրտերուն''։

''Քոլոմպիայի ''Խաղաղութեան Շաբաթուայ առթիւ կազմակերպուած են բազմաթիւ ձեռնարկներ համան Քոլոմպիայի մէջ, լուսարձակի տակ դնելու հազարաւոր մարդոց յանձնառումն ու աշխատանքը ի սպաս խաղաղութեան կառուցումին ու մարդկային արժանապատուութեան խթանումին։ Շաբաթուայ բնաբանն է ''Բազմաթիւ քայլեր խաղաղութեան եւ հաշտութեան համար'' ու ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2017-ի Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուան պատգամէն։

Այս առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներէն կարեւորագոյններէն մին խաղաղութեան քայլարշաւն է որ տեղի պիտի ունենայ 6 եւ 7 սեպտեմբերին, որուն ընթացքին երկրին զանազան վայրերէն հաւատացեալները պիտի ուղղուին դէպի Վիլլավինչենցիօ ուր պիտի ժամանեն 8 սեպտեմբերին ու առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

''Խաղաղութեան բարեկամ, Քահանայապետին հանդիպումը Քոլոմպիացիներուն հետ պիտի ամրապնդէ կարելիութիւնն ու յանձնառումը կառուցելու խաղաղութիւնը` որպէս արտայայտութիւն արդարութեան, ժողովրդավարութեան, զոհերու հատուցումին ու հաշտութեան'' կը կարդանք ''Խաղաղութեան Շաբաթուայ ծրագիրին հայող ուղղուած հրաւէրին մէջ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.